Իտալիա Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Իտալիա միջազգային նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ազրպէյճանին: Վիճակագրութեան տուեալներ հաշուող «Մըսթըր Չիփ» ընկերութիւնը կը հաղորդէ, որ ասիկա աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքերուն գծով «Սքաուտրա Ազուրա»-ի 49-րդ յաջորդական անպարտելի մրցումն էր: Զտումի մրցումներուն պատմութեան մէջ այսպիսով նոր մրցանիշ մը կը հաստատուի: Նշենք, որ այս մրցաշարքին գծով...

