ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձաւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի:
8 հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր արտահերթ նիստին ընթացքին, Երեւանի աւագանին միաձայնութեամբ Երեւանի պատուոյ քաղաքացիի կոչում շնորհեց կարգ մը անձերու, որոնց կարգին, Արթուր Աբրահամին, Ռուբէն Մաթեւոսեանին, Ռայիսա Մկրտիչեանին եւ ուրիշներու:
Արթուր Աբրահամ (Աւետիք Աբրահամեան) ծնած է 20 փետրուար 1980-ին, Երեւանի մէջ: Ան 2004-էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Պերլինի մէջ (Գերմանիա):
Նշենք, որ Հայաստանի քաղաքացի ըլլալէ բացի, Աբրահամ 2005-էն ի վեր գերմանական քաղաքացիութիւն ալ ունի: