Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 11 հոկտեմբերին Հայաստան – Ալպանիա Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Շիմոն Մարցինեաք (Լեհաստան):
Անոր օգնականները պիտի ըլլան անոր ազգակիցները:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: