Լաթվիոյ Քլայփետա քաղաքին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ 20 եւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Երէկ բացառիկ ներկայացում ունեցան 20 տարեկանէն վար Հայաստանը ներկայացնող երիտասարդները, յայտնեց ArmSport.am:
Հիանալի եղաւ այն, որ ոսկի մետալին համար պայքարը ընթացաւ հայրենի երկու ծանրաբարձներուն` Սամուէլ Գասպարեանի եւ Կարուշ Ղուկասեանի միջեւ:
Գասպարեան, բարձրացնելով 350 քմ (155+195), հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, մինչ անոր ետին փոխախոյեան հանդիսացաւ Ղուկասեան (158+192): Այս լուրը հրապարակեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը: