Մարզական

2018-ի Մոնտիալի Եւ Ասիա-2019-ի Զտումի Մրցաշարքեր. Քուէյթ – Լիբանան` 0-0

Երէկ` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Քուէյթ - Լիբանան մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի (Ռուսիա) եւ Ասիա-2019-ի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) զտումի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ: Երկու կազմերուն միջեւ (Է. խմբակ) տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ: Բաղդատմամբ Ա. կիսախաղին, Բ. կիսախաղին կոլի առիթները` երկու կողմերուն համար, եղան քիչ մը աւելի շատ, մանաւանդ դաշտին տիրոջ` Քուէյթի համար, սակայն Լիբանանի բերդապահը զսպեց...

Ռոնալտօ Ստացաւ Իր 4-րդ «Ոսկիէ Կօշիկ»-ը

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ ստացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 4-րդ «ոսկիէ կօշիկ»-ը: Իր այս մրցանակը ստանալէն ետք ֆութպոլիստը նշեց, որ այսքանով չէ բաւարարուած, որովհետեւ կ՛ուզէ 5-րդ եւ 6-րդ մրցանակներուն ալ տիրանալ: Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին «Լա լիկա»-ի 35 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ` իր ետին ձգելով Լիոնել Մեսսին:  

Սամպօ. 5 Մետալ` Աշխարհի Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Ախոյեանութենէն

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ 9 հոկտեմբերին սկսած սամպոյի աշխարհի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւնը երէկ հասաւ իր աւարտին: Մրցաշարքին վերջին օրը հայրենի մարզիկները տիրացան 2 պրոնզ մետալի եւս: Գրիգոր Սահակեան (87 քկ) եւ Գառնիկ Սարոյեան (100 քկ) հանդիսացան փոտիում բարձրացած երկու սամպիստները: Նշենք, որ նախապէս պրոնզէ մետալի տիրացած էր Յարութիւն Սարգսեան (52 քկ), մինչ արծաթէ մետալներու տիրացած էին Էտմոն Մանուկեան (48...

«Մէյճըր Լիկ». Ռաուլ Նշանակեց Իր 7-րդ Կոլը

Սպանացի անուանի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց ախոյեանութեան իր 7-րդ կոլը իր ակումբին` Նիւ Եորք Քոզմոսի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am: «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին անոր կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթեց Էտմոնթոնին: Ան իր կոլը նշանակեց 45-րդ վայրկեանին:

Թոմաս Միւլըր Հաւասարեցաւ Կերթ Միւլըրի Հաստատած Մրցանիշին

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիա յաղթանակով աւարտեց Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի: Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Թոմաս Միւլըր, որ 50-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ նշանակեց, հաւասարեցաւ Կերթ Միւլըրի, որ անցեալին Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն նշանակած էր 12 կոլ: Սակայն յառաջատարն է Միրոսլաւ Քլոզը, որ 2014-ին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:  

Տաւիտ Լուիս Կրնայ Բացակայիլ Ռէալ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Տաւիտ Լուիս շատ հաւանաբար բացակայի Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք երկու մրցումներէն: Երկու կազմերուն միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 21 հոկտեմբերին` Փարիզի մէջ, իսկ դարձի մրցումը Մատրիտի մէջ` 3 նոյեմբերին: «Լը Փարիզիեն» յայտնեց, որ պրազիլցի յետսապահը ծունկի վնասուածք ստացած է:

Տել Փիեռօ Պատրաստ Է Մարզիչի Իր Ասպարէզը Սկսելու

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ յայտնեց, որ շատ բան սորված է Մարչելօ Լիփփիէն, Ֆապիօ Քափելլոյէն եւ Քարլօ Անչելոթթիէն: «Այժմ կը հաստատեմ, որ պատրաստ եմ սկսելու մարզիչի իմ ասպարէզս, որովհետեւ բաղդատմամբ երեք տարի առաջ իմ կատարած յայտարարութեանս, այժմ բաւական լաւ նախատրամադրուած եմ այդ գծով: Կրնամ ըսել, որ անոնց երեքին հետ գործակցելով, շատ մեծ յառաջխաղացք արձանագրած եմ: Անոնց...

«Ֆորմիւլա-1». -Հեմիլթըն Յաղթական` Սոչիի Մէջ. «Մերսետես» Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սոչիի (Ռուսիա) կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն յաւելեալ 25 կէտ եւս աւելցուց իր կէտերուն վրայ, երբ գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 37' 11" արդիւնք մը: Փոտիումին վրայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Հեմիլթընը, որ այսպիսով տօնեց տարեշրջանի իր 9-րդ, իսկ իր ասպարէզին 42-րդ տիտղոսը: 5"...

Շիքակոյի Մարաթոն (42,195 Քմ). Շիրին Նըժէյմ Լիբանանեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Շիքակոյի Մարաթոնը (42,195 քմ), որուն ընթացքին լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ (Շանվիլ) լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 2 ժամ 46 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան արդիւնք մը: Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Մարիա Փիա Նաամէի (3 ժամ 00' 02"): Շիքակոյի այս մարաթոնին Նըժէյմ աղջկանց դասաւորման մէջ գրաւեց 30-րդ դիրքը, մինչ հանդիսացաւ 8-րդ` 30-35...

ՀՄԸՄ-Անթիլիաս. Վարչութիւն – Նոր Յանձնախումբ – Մարզիկներ Հանդիպում

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը նախորդ շաբաթասկիզբին ունեցաւ պասքեթպոլի իր նոր յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ 6 անդամներէ: Նախանցեալ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ վարչութիւն - նոր յանձնախումբ - մարզիկներ հանդիպում մը, որուն ընթացքին բոլորն ալ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մեծ նուիրումով պատրաստակամութիւն յայտնեցին ծառայելու ՀՄԸՄ-ին, իրենց ամէն կարելին ընելով մի՛շտ բարձր պահելու միութեան անունը...

2018-ի Մոնտիալ- Ասիա-2019.  Այսօր` Քուէյթ – Լիբանան

2018-ի Մոնտիալ- Ասիա-2019. Այսօր` Քուէյթ – Լիբանան

2018-ի մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի զոյգ մրցաշարքերուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Քուէյթի: 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքը շարունակելու եւ յաջորդ հանգրուան հասնելու համար Լիբանան անպայման յաղթանակի մը կարիքը ունի, այլապէս մոնտիալին մասնակցիլը Լիբանանի համար վերջ պիտի գտնէ: Նշենք, որ այս գծով երէկ Լիբանանի մարզիչ Միոտրակ Ռատուլովիչ եւ Լիբանանի խմբապետ...

Թենիս. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Երկու Մրցաշարքեր

Հսկողութեամբ ասիական եւ միջազգային թենիսի ֆետերասիոններուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» (Քասլիք) այս ամսուան ընթացքին կը հիւրընկալէ միջազգային երկու մրցաշարքեր: Առաջինը տեղի կ՛ունենայ 4-17 հոկտեմբերին եւ յատկացուած է 13 տարեկանէն վար դասակարգերուն: Իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ 19-22 նոյեմբերին` տղոց եւ աղջկանց (անհատական եւ զոյգի) դասակարգերուն մէջ: Այս մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 8 երկիրներէն...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. ՀՄԸՄ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Ռիատա Ուալ Ատապին

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ազդանշանը տրուելէն մէկ շաբաթ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 10 հոկտեմբերին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց հիւսիսեան կազմերէն Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին: Մրցումը աւարտեցաւ 4-1 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Սագօ Ազնաւուրեանի նշանակած կոլին (27-րդ): Ապա...

Եուրօ-2016. Հայաստան Զտումի Մրցումները Աւարտեց… Առանց Յաղթանակ Արձանագրելու

Կարգ մը երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն համար երէկ գիշեր աւարտեցաւ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը` նկատի ունենալով, որ անոնք կատարեցին իրենց վերջին մրցումը: Այդ երկիրներուն կարգին էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմելով Թ. խմբակին, կատարեց իր 8-րդ եւ վերջին մրցումը` հիւրընկալելով Ալպանիան: Դժբախտաբար հայրենի կազմը չկրցաւ այս մրցաշարքին յաղթանակ արձանագրել` նկատի ունենալով, որ կրեց մրցաշարքի իր 6-րդ...

Համաբանակային Խաղեր. Կարէն Ասլանեան` Արծաթէ Մետալակիր

Հարաւային Քորէայի Մունկ Եոնկ քաղաքին մէջ կը շարունակուին համաբանակային 6-րդ ամառնային խաղերը: Նախորդ շաբաթավերջին մրցասպարէզ դուրս եկաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Կարէն Ասլանեան` մասնակցելով 66 քկ դասակարգի մրցումներուն, կը յայտնէ ArmSport.am: Երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան նախկին ախոյեանը պայքարը սկսած էր 1-8-րդ հանգրուանէն, ուր 9-4 արդիւնքով յաղթած էր ուքրանացի Տենիս Տեմիանքովին: Ապա ան իր կատարած յաջորդ մրցումին 11-2 արդիւնքով յաղթեց Տաւիտ Քարեչինսքիին (Լեհաստան):...

2018-ի Մոնտիալի Եւ Ասիա-2019-ի Զտումի Մրցաշարքեր. Լիբանան Կը Պատրաստուի Քուէյթի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Քուէյթ հասաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ վաղը` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին զտումի մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ` 2018-ի մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քուէյթի դաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լիբանանի ազգային խումբը ամէնօրեայ դրութեամբ երկու անգամ փորձեր կը կատարէ` պատրաստուելու համար այս...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Պաչքով Եւս Մնաց Առանց Մետալի

Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան Հայաստան մնաց առանց մասնակիցի: 64 քկ դասակարգին մէջ, Յովհաննէս Պաչքով քառորդ աւարտականին պարտուելով քուպացի իր մրցակիցէն` Լոփես Թոլետոյէն, դուրս մնաց պայքարէն: Քաթարի մէջ Հայաստանը կը ներկայացնէին 3 կռփամարտիկներ: Զտումի մրցումներուն պարտուեցաւ Արամ Աւագեան (56 քկ), մինչ 52 քկ դասակարգին մէջ 1-8-րդ հանգրուանին անյաջողութիւն ունեցաւ Կորիւն Սողոմոնեան:

2019-ի Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Դարձեալ Պարտուեցաւ 4-0 Արդիւնքով

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը իր կրած առաջին պարտութեան նման (Չեխիայէն) դարձեալ 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, բայց այս անգամ` Սերպիայէն, 2019-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Հայրենի կազմը, իր վերջին մրցումը կը կատարէ Էսթոնիոյ դէմ: Նշենք, որ իւրաքանչիւր կիսախաղի, Սերպիա նշանակեց երկուքական կոլ:

Վան Փերսիի 100-րդ Մրցումը

Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հոլանտա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին: Հոլանտացիներուն կազմէն այս մրցումին 87-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ 32 տարեկան յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի, որ փոխարինեց Քլաս-Եան Հունթելաարին: Այս մրցումը 100-րդն էր Վան Փերսիի համար` Հոլանտայի հետ:

Եուրօ-2016. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Նախորդ շաբաթավերջին, Եւրոպայի տարածքին Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Մրցումները պիտի շարունակուին այսօր եւս` վերջին օրն ըլլալով, ապա կը յստականան Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահովող բոլոր խումբերը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները. ՇԱԲԱԹ   Ա. ԽՄԲԱԿ Իսլանտա - Լաթվիա 2-2 Ղազախստան - Հոլանտա 1-2 Չեխիա - Թուրքիա 0-2 Բ. ԽՄԲԱԿ...

Page 1174 of 1275 1 … 1,173 1,174 1,175 … 1,275

Արխիւներ