Մարզական

Աբրահամ Խաշմանեան 10 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած ժողովին, տուաւ շարք մը որոշումներ: Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Գանձասար - Կապան - Ալաշկերտ 9-րդ հանգրուանի մրցումին, հիւր կազմի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, որ ունեցած էր ոչ մարզավայել կեցուածք եւ մրցումէն հեռացուած էր, 10 մրցումով կախակայուեցաւ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կարգապահական կոմիտէին նախագահը` Ռուբէն Սինոյեան: Իսկ Գանձասար - Կապանի յետսապահ Ալեքսանտր...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Պաչքով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), որ 1-8-րդ հանգրուանին կը մրցէր Ազիպ Պեպիթովի (Թուրքմենիստան) դէմ, յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը: Քառորդ աւարտականի Պաչքովի մրցակիցը պիտի ըլլայ Լոփես Թոլետօ (Քուպա): Նշենք, որ այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 10 հոկտեմբերին:

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Կորիւն Սողոմոնեան Յաղթեց Իր Մրցակիցին

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 52 քկ դասակարգին մէջ մրցասպարէզ դուրս գալով Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ) 3 ռաունտերուն առաւելութեան հասաւ իր մրցակիցին` Քիամա Չարզի դէմ (Կինէա): ArmSport.am մարզական կայքը կը հաղորդէ, որ 1-8-րդ հանգրուանին, ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին Սողոմոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ալճերիացի Մոհամետ Ֆլիսի:

Նէյմար Չ՛աճապարեր Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել Պարսելոնայի Հետ

Քաթալոնական Պարսելոնայի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար չ՛աճապարեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Պարսելոնայի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ»: Պարսելոնա կ՛ուզէ ամէնէն արագ միջոցին համաձայնութեան գալ 23 տարեկան ֆութպոլիստին հետ, սակայն այնպէս կը թուի, որ անոր մտերիմները կը դանդաղեցնեն տարուող բանակցութիւնները: Նշենք, որ Պարսայի հետ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին:  

Չելսիի Կողմէ Պաշտօնանկ Ըլլալու Պարագային. Մուրինիօ Պիտի Ստանայ 37,5 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

«Տէյլի Սթար» կը հաղորդէ, որ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր ակումբին կողմէ պաշտօնանկ ըլլալու պարագային պիտի գանձէ 37,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի կոկիկ գումար մը: Ինչպէս կը նշուի, 52 տարեկան փորթուգալցի մասնագէտին Չելսիի հետ գործող պայմանագիրը ուժի մէջ է մինչեւ 2019: Մուրինիոյի տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ շուրջ 10 միլիոն ամերիկեան տոլար, իր այս լուրը կ՛եզրափակէ TotalFootball.am:

ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ունեցաւ Պասքեթպոլի Իր Նոր Յանձնախումբը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը նշանակեց պասքեթպոլի նոր յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ 6 անդամներէ: Այս նոր յանձնախումբին անդամներն են Թալին Խաչատուրեան (յանձնախումբի նախագահ), Յակոբ Ճերենեան, Փոլ Ճալըխեան, Գէորգ Արոյեան, Կարէն Սալխանեան եւ Մկօ Օտապաշեան: Նոր յանձնախումբը անմիջապէս սկսաւ իր աշխատանքին մասնաճիւղի պասքեթպոլի բոլոր տարիքային խումբերուն եւ ի մասնաւորի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբին հետ` պատրաստուելու համար սկսելիք նոր տարեշրջանի...

Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ հասաւ Նիս, հիւրը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ «Ալիաս Ռիվիերա» մարզադաշտին վրայ:

Ծանրաբարձութիւն.  Իզապելլա Եայլեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Իզապելլա Եայլեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Ախոյեան

Քլայպետայի մէջ (Լիթուանիա) կը շարունակուին Եւրոպայի երիտասարդներու (20 տարեկան) եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումները: 20 տարեկանէն վար աղջկանց 58 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Հայաստանը ներկայացնող Իզապելլա Եայլեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայ մարզիկուհին երկամարտի 194 քկ (88+106) արդիւնքով ոսկի մետալին տիրացաւ` 1 քկ-ով գերազանցելով ուքրանացի Վերոնիքա Իվասիուքը: Պրոնզ մետալին տիրացաւ ռուս Իրինա Փայմուլքինա (186 քկ):

Կռփամարտ. Յստակացաւ Արթուր Աբրահամի Յաջորդ Մրցակիցին Անունը

Արթուր Աբրահամ (աջին) եւ Մարթին Միւրէյ Գերմանիան ներկայացնող կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ իր յաջորդ մենամարտը կը կատարէ անգլիացի Մարթին Միւրէյի դէմ, յայտնեց ArmSport.am: Աբրահամի պատկանող երկրորդ միջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի գօտիին համար մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 21 նոյեմբերին` Հանովըրի մէջ (Գերմանիա): Նշենք, որ երկու մրցակիցները արդէն իսկ հանդիպած են իրարու:

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար 2016-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հասաւ Էսթոնիա

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Էսթոնիա հասաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 8-13 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-ի ախոյեանութեան: Հայաստան, որ մաս կը կազմէ 12-րդ խմբակին, այսօր կը մրցի Չեխիոյ դէմ, ապա յաջորդաբար` Սերպիոյ (10 հոկտեմբեր) եւ Էսթոնիոյ (13 հոկտեմբեր) դէմ: Գլխաւոր մարզիչ Մարք Լեւլեւրի գլխաւորութեամբ հայրենի կազմը Էսթոնիա մեկնեցաւ հետեւեալ 18 ֆութպոլիստներով. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.-...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Պաչքով Բոլոր Ռաունտերուն Յաղթանակ Արձանագրեց

Ինչպէս ծանօթ է, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի կ՛ունենայ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանը ներկայացնող Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ) բոլոր` 3 ռաունտերուն ալ յաղթանակ արձանագրեց` պարտութեան մատնելով հարաւային քորէացի Լիմ Հունչուլը եւ բնականաբար անցնելով յաջորդ հանգրուան: 1-8-րդ հանգրուանին Պաչքով այսօր` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին կը մրցի Թուրքմենիստանի ներկայացուցիչին` Ազիզ Պեյեփթովի դէմ:

Եուրօ-2016. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 8 Մրցումներ

Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան 8 մրցումներ` 3 տարբեր խմբակներու մէջ: Զօրաւոր ճակատումներ պիտի ըլլան Սկովտիա - Լեհաստան եւ Փորթուգալ - Դանիա հանդիպումները: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Դ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Վրաստան - Ճիպրալթար 19:00 Իրլանտա - Գերմանիա 21:45 Սկովտիա - Լեհաստան 21:45 Զ. ԽՄԲԱԿ   Հունգարիա - Ֆարօ...

Եուրօ-2016. Ռամոս Բացակայ` Սպանիոյ Կազմէն

Ռէալ Մատրիտի կեդրոնի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վերջին երկու մրցումներուն, յայտնեց Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Լիւքսամպուրկի եւ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն Ռամոսը փոխարինողը պիտի ըլլայ անոր խմբակիցը` Նաչօ: Գ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա, 8 մրցումէ ապահովելով 21 կէտ, կը գրաւէ առաջին...

Կերթ Միւլըր Կը Տառապի Ալցհայմըր Հիւանդութեամբ Եւ Կ՛ապրի Ծերանոցի Մէջ

Պայէրն Միւնիխ եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին անուանի աստղ Կերթ Միւլըր, որ 3 նոյեմբերին կը դառնայ 70 տարեկան, կը տառապի Ալցհայմըր հիւանդութեամբ, յայտնեց միւնիխեան ակումբին պաշտօնական կայքը: Ըստ «Պիլտ»-ի, Միւլըր, որ փետրուար 2015-էն ի վեր մասնագէտներու հսկողութեան տակ է, այժմ կ՛ապրի ծերանոցի մէջ: Այս պատճառով անոր ընտանիքը պիտի չկարենայ տօնել անոր ծննդեան 70-րդ տարեդարձը: 1964-էն 1979 Միւլըր Պայէրն Միւնիխի...

Եուրօ-2016. Փոտոլսքի Պիտի Բացակայի Այսօրուան Եւ Կիրակի Օրուան Մրցումներէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր զտումի վերջին երկու մրցումներուն դաշտ պիտի ներկայանայ առանց յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքիի, որ վիրաւոր է: Դ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Իրլանտայի, մինչ կիրակի, 11 հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանը: Շատ հաւանական է, որ անոր խմբակից Քարիմ Պելարապի եւս բացակայի Գերմանիոյ խումբէն: Գերմանիա այժմ 19 կէտով կը գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը`...

Պաթրունի 4-րդ Միջազգային Թրիաթլոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Առաջին` Խմբային Դասաւորման Մէջ

Կազմակերպութեամբ Պաթրունի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Սան Սթեֆանօ» համալիրին մէջ (Պաթրուն) տեղի ունեցաւ Պաթրունի 4-րդ միջազգային Թրիաթլոնը` մասնակցութեամբ 120 երկսեռ մարզիկներու, որոնք եկած էին Ուքրանիայէն, Անգլիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Այս Թրիաթլոնին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Այսօր Կը Մեկնի Նիս

Վաղը` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը կը կատարէ Ֆրանսայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նիս քաղաքին մէջ գտնուող «Ալիանս Ռիվիերա» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հայրենի կազմը, որ երէկ աւարտեց իր մարզական հաւաքը, այսօր առաւօտուն կը մեկնի Նիս: Նշենք, որ երէկ հաւաքականին միացաւ Յովհաննէս Համբարձումեան, մինչ Հենրիխ Մխիթարեան, Գէորգ Ղազարեան եւ...

Կռփամարտ. Հոփքինս. «Աբրահամի Դէմ Մենամարտը Վերջինը Պիտի Ըլլայ Ինծի Համար»

Արթուր Աբրահամ` ձախին Արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկու տարբեր դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան Պեռնար Հոփքինս, որ յառաջիկայ յունուարին պիտի ըլլայ 51 տարեկան, յայտնեց, որ մտադիր է աւարտել իր ասպարէզը Արթուր Աբրահամի դէմ մենամարտելէ ետք: «Կը կարծեմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունուարին: Կը փափաքիմ, որ անիկա տեղի ունենայ Նիւ Եորքի «Պարքլէյզ Սենթըր»-ին մէջ: Յաղթանակ, պարտութիւն, հաւասարութիւն կամ վիճելի մենամարտ` կարեւոր չէ:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի Միանմարի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Վաղը` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Պանքոքի մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Միանմարի դէմ. սոյն մրցումը կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին: Լիբանանի ազգային խումբը այս շաբաթասկիզբին Ապու Տապիի ճամբով մեկնեցաւ Պանքոք` լաւապէս պատրաստուելու համար այդ մրցումին: Նշենք, որ 13 հոկտեմբերին Լիբանան մրցում մը եւս ունի...

Ճատրակ. Սերկէյ Քարժաքին` Աշխարհի Բաժակակիր

Պաքուի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի տիտղոսին համար մղուող պայքարը, երբ աւարտականին իրարու դէմ ճակատեցան Ռուսիոյ ներկայացուցիչները` Փիթըր Սվիտլեր եւ Սերկէյ Քարժաքին: Դասական ժամանակով տեղի ունեցած 4 մրցումները յաղթողին անունը չվճռեցին, որովհետեւ անոնք իրարու հետ արձանագրեցին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Ապա երկու կրանտմասթըրները կատարեցին թայ-պրէյքի մրցում մը, որուն ընթացքին աւելի զօրաւոր գտնուեցաւ Քարժաքին: Նշենք, որ երկու կրանտմասթըրներն ալ ապահովեցին իրաւունքը, որուն...

Page 1176 of 1275 1 … 1,175 1,176 1,177 … 1,275

Արխիւներ