Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վաղը` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին պիտի ստանայ իր «Ոսկիէ կօշիկ»-ը` նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան ամէնէն շատ կոլը նշանակած ըլլալուն համար:
30 տարեկան Ռոնալտօ նախորդ տարեշրջանին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ 35 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ:
Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ թիւ 7 շապիկը կրող Ռոնալտօ 4-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: