Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը նախորդ շաբաթավերջին թէեւ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Լիւքսամպուրկի (Եուրօ-2016), սակայն այս մրցումին վիրաւորուեցաւ անոր մէկ մարզիկը` Ալվարօ Մորաթթա, որ մաս կը կազմէ Եուվենթուսի:
«ԱՍ» հաղորդեց, որ երէկ անոր վրայ կատարուած քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ յառաջապահ Մորաթթա, 1 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Գ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա, որ այսօր կը կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը` Ուքրանիոյ դէմ, արդէն իսկ ապահոված է Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: