Պորուսիա Տորթմունտի նախկին մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ, որ իր ակումբէն հեռանալէն ետք կը մնար անգործ, ստանձնեց Լիվըրփուլի ֆութպոլի ակումբի մարզիչի պաշտօնը:
48 տարեկան գերմանացին, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած Պրենտըն Ռոճըրզը, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անգլիական ակումբին հետ, որ ներկայիս «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման մէջ կը գտնուի 10-րդ դիրքին վրայ:
Քլոփի աշխատավարձը, որ տարեկան 5 միլիոն փաունտ է, պիտի բարձրանայ 7 միլիոնի (առաւելներով), եթէ ան յաջողի իր կազմին հետ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսանալ կամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տոմս մը ապահովել այս տարեշրջանի աւարտին: