
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ մրցեցաւ Միանմարի դէմ, 2018-ի Մոնտիալի եւ 2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ, Պանքոքի մէջ:
Մայրիներու խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով իր մրցակիցին:
Լիբանանի կազմին կոլերը նշանակեցին Հասան Մաաթուք (28-րդ) եւ Ապպաս Աթուէ (90-րդ): Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Լիբանան մնաց 3-րդ դիրքին վրայ` 6 կէտով:
Նշենք, որ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, Լիբանան հիւրը պիտի ըլլայ Քուէյթի, որ երէկ 2-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Հարաւային Քորէայէն: