
Երէկ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ սկսան 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան հինգ ճակատումներ:
Բոլոր մրցումներն ալ աւարտեցան 2-0 արդիւնքով, բացի Վենեզուելա – Փարակուէյ մրցումէն, որ աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով` ի նպաստ Փարակուէյի:
Փարակուէյ, որ ձախողած էր 2014-ի Մոնտիալին մասնակցիլ, իր յաղթանակը արձանագրեց շնորհիւ` Տերլիս Կոնզալեսի նշանակած կոլին:
Լա Փազի մէջ Ուրուկուէյ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Պոլիվիան:
Յետսապահներ Մարթին Քասերես եւ Տիեկօ Կոտին նշանակեցին Ուրուկուէյի կոլերը, մինչ 71-րդ վայրկեանին Ժեր Թորիքօ (Պոլիվիա) կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ Ուրուկուէյէն կը բացակայէին կախակայուած մարզիկներ Լուիս Սուարեզ եւ Էտիսոն Քաւանի:
Ինչ կը վերաբերի երկու հսկաներուն` Արժանթինի եւ Պրազիլի, որոնք դաշտ ներկայացած էին առանց Լիոնել Մեսսիի (վիրաւոր) եւ Նէյմարի (կախակայուած), յաջորդաբար պարտուեցան Էքուատորէն եւ Չիլիէն:
Արժանթին պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ, մինչ Պրազիլ` իր դաշտէն դուրս:
Վերջապէս, վերջին մրցումին, Քոլոմպիա յաղթեց Փերուի` շնորհիւ Թէոֆիլօ Կութիերեզի եւ Էտվին Քարտոնայի նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ Քոլոմպիայէն կը բացակայէր Խեմես Ռոտրիկեզ (կախակայուած):