ՖԻՖԱ-ի թեքնիք յանձնախումբը ժամանակաւորապէս որոշեց իրենց պարտականութիւններէն հեռացնել ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըրը եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինին, այս մասին կը հաղորդէ զուիցերիական «Թակես Անցէյկեր» թերթը:
Կը հաղորդուի, որ Պլեթըր եւ Փլաթինի իրենց պաշտօններէն հեռացուեցան 90 օրով, ՖԻՖԱ-ի հետ կապուած գայթակղութիւններուն քողազերծման գծով տարուող աշխատանքին շարունակութեան պատճառով:
Այս լուրը հաղորդող ArmSport.am նաեւ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս զուիցերիական դատարան մը ՖԻՖԱ-ի նախագահը մեղադրած էր Փլաթինիի դրամատնային հաշիւին անօրինական ձեւով 2 միլիոն զուիցերիական ֆրանք փոխանցելու յանցանքով:
Բացի ատկէ, ՖԻՖԱ-ի հովանաւոր մեծ ընկերութիւնները` «Վիզա», «Քոքա Քոլա», «ՄքՏանըլտզ» եւ ուրիշներ, կը պահանջեն Պլեթըրի անյապաղ հրաժարականը:
Նշենք, որ 90 օրով կախակայուեցաւ նաեւ ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղարը` Ժըրոմ Վալքը: