Այսօր` շաբաթ, 10 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 15:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը:
Պատրաստուելու համար ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ կը կատարէ այս մրցումը, որուն ընթացքին խումբին հետ դաշտ պիտի ներկայանան նորեկ մարզիկներ:
Այդ նորեկները պիտի ըլլան խումբին նախկին մարզիկներէն Յակոբ Տօնապետեան (փոխանցուած` Սալամէն), Զաւէն Լեփեճեան (Նըժմէէն) եւ Ալի Ռիֆահի (Ռիատա Ուալ Ատապ):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ վերադարձած է նաեւ Սամի Շում:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր յետմիջօրէին ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կը կատարէ կիրակի, 18 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 15:30-ին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով` Հիլալ Հարեթ Նաամէն: