Հարաւային Քորէայի Մունկ-Եոնկ քաղաքին մէջ կը շարունակուին համաբանակային 6-րդ ամառնային խաղերը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Գէորգ Ղարիբեան (59 քկ), Ռաֆայէլ Ալեքսանեան (71 քկ) եւ Սարգիս Քոչարեան (80 քկ):
Թէեւ Քոչարեան յաջողեցաւ հասնիլ կիսաւարտականին, սակայն պարտուեցաւ:
Պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին, ան 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր լիթուանացի մրցակիցին:
Ինչ կը վերաբերի Ալեքսանեանի, ան յաղթելով Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Սամրան Նասիպովի, հասաւ քառորդ աւարտական, ուր սակայն պարտուեցաւ իր մրցակիցէն:
Նկատի ունենալով, որ անոր իրանցի մրցակիցը հասաւ աւարտական, ան իրաւունք ստացաւ մրցաշարքը շարունակելու, բայց ձախողեցաւ պրոնզ մետալին տիրանալ:
Այս խաղերուն, այս տարի կը մասնակցին 110 երկիրներէ 8700 մարզիկներ:
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով 15 մարզիկով կը մասնակցի այս խաղերուն` յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի, ժիւտոյի, թեքուանտոյի եւ հեծելարշաւի