«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Մէկ Յաղթանակի Պէտք Ունի` Ախոյեան Դառնալու
Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 120-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը եւ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ: Այժմ Թանտըր յաղթանակի մը կարիք ունի` դառնալու «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան, 1979-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: 1979-ին Օքլահոմա տարբեր անուն ունէր` Սիթել Սուփըրսոնիքս, եւ այդ օրերուն Տենիս Ճոնսընի գլխաւորութեամբ Սիեթլ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ուաշինկթըն Պուլեթցը (այժմ` Ուիզըրտծ): Տենիս Ճոնսըն, որ 2007-ին...




















