Շթութկարթի թենիսի տղոց մրցաշարքին, 17 տարեկան Ճասթին Էնկել դարձաւ առաջին թենիսմենը, որ Պորիս Պեքըրէն ետք (40 տարի առաջ) կը հասնի խոտով ծածկուած դաշտի վրայ տեղի ունեցած մրցաշարքի մը քառորդ աւարտականին:
1985-ին այլ գերմանացի մը` Պորիս Պեքըր խոտով ծածկուած դաշտի մը մրցաշարքի կարեւորագոյն տիտղոսը շահած էր Ուիմպըլտընի մէջ, 17 տարեկանին:
Էնկել չկրցաւ շարունակել մրցաշարքը, երբ պարտուեցաւ քառորդ աւարտականին, բայց պատմական մարզիկներու կողքին նշուեցաւ անունը իբրեւ հազուադէպ իրողութիւն:
Աւարտականին Ալեքսանտր Զվերեւ 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թէյլըր Ֆրիցէն:
Աշխարհի թիւ 3 թենիսմեն Զվերեւ չկրցաւ օգտուիլ իր երկրին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին համակիրներուն քաջալերանքէն եւ պարտուեցաւ թիւ 4 Ֆրիցէն:
Լոնտոնի մէջ, աղջկանց «Քուինզ քլապ» թենիսի մրցաշարքին, գերմանացի Թաթիաիա Մարիա 37 տարեկանին շահեցաւ իր ասպարէզի ամէնէն մեծ մրցանակը:
Մարիա 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ամանտա Անիսիմովան:
Թիւ 86 թենիսվումըն Մարիա նախապէս հասած է «Ուիմպըլտըն»-ի կիսաւարտական (2022-ին), նախապէս դուրս ձգած էր Քարոլինա Մուչովան, Էլենա Ռիպաքինան եւ Մետիսըն Քիզը` 2020-էն ետք դառնալով երիցագոյն ախոյեանը:
2020-ին Սերենա Ուիլիամս 38 տարեկան շահած էր «Օքլենտ Քլասիք» մրցաշարքը:


