ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական կազմի նախկին ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, վերջերս հանդիպեցաւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեանի:
Արարատի եւ Գանձասարի նախկին ֆութպոլիստը իր եւ Մխիթարեանի նկարը զետեղած է ընկերային ցանցին վրայ` գրելով. «Ախոյեան մրցումի պահուն, եւ «լեգենդ»` դաշտէն դուրս»:
Նշենք, որ Ինթեր Միլան, որ կը մասնակցի ակումբներու մոնտիալին, վաղը կը մրցի Մոնթերէի դէմ, Փասատենայի մէջ, ապա Սիեթըլի մէջ 21 յունիսին Ուրաուա Ռետ Տայմընտծի դէմ, իսկ խմբակի վերջին մրցումին Ռիվըր Փլէյթի դէմ, նոյն դաշտին վրայ, 25 յունիսին: