Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ շարունակուեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ազատ ոճի ախոյեանութիւնը:
45 քկ կշիռի մրցումներուն, Արեն Փերուզեան 12:2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց ազրպէյճանցի իր մրցակից Ուսուփովը եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
48 քկ կշիռի մրցումներուն Արտակ Աղաբէկեան արծաթէ մետալ նուաճած էր Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութիւններուն` դառնալով փոխախոյեան:
55 քկ կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ նաեւ Արմէն Պապիկեան: 60 քկ կշիռի մրցումներուն Ռազմիկ Ոսկանեան ռուս մրցակից ըմբիշին 6:4 արդիւնքով յաղթելէ ետք կրցաւ շահիլ պրոնզէ մետալ:


