Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով այսօր ժամը 14:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Նօ Լիմիթց խումբին դէմ:
Ատհայի տօնին առիթով 1 շաբթուան դադարէն ետք ՀՄԸՄ ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթել` ձեռք ձգելով 12-րդ կէտը, հասնելու համար առնուազն Բ. դիրքին:
Առաջին դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Սանհարիպի հետ 13-ական կէտեր ունի, մինչ ՀՄԸՄ եւ Տինամօ Պէյրութ 9-ական կէտեր ունին:
Նօ Լիմիթց 3 կէտ ունի եւ կը գրաւէ վերջին դիրքը: