«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան «Էմ. Վի. Փի.»-ն` Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր իր խումբը` Օքլահոման առաջնորդեց կարեւոր յաղթանակի մը (111-104), որ ճակատումները հաւասարեցուց 4-րդ մրցումին (2-2):
Արդարեւ, Ինտիանափոլիսի մէջ, Ինտիանա Փէյսըրզ մինչեւ 3-րդ մասին աւարտը կը յաղթէր եւ մօտ 10 կէտերու առաւելութիւն մըն ալ ունէր: Սակայն Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր ինքն իր վրայ առաւ պատասխանատուութիւնը եւ իր 35 կէտերուն 15-ը վերջին 4 վայրկեաններուն նշանակելով կրցաւ Թանտըրը առաջնորդել յաղթանակի:
Ճէյլըն Ուիլիամս 27 կէտ, Ալեքս Քարուսօ 20 կէտ եւ Չեթ Հոլմկրեն 14 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեցին ի նպաստ Թանտըրի, որուն լաւ պաշտպանութիւնը փաստեց, թէ ճիշդ է «Էն. Պի. Էյ.»-ի հետեւեալ առածը. «Լաւ յարձակողականը կրնայ յաղթանակներ կերտել, սակայն լաւ պաշտպանողականը կրնայ ախոյեանութիւններ կերտել»:
Փասքալ Սիաքամ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որուն աստղը` Թայրիս Հալիպըրթըն 18 կէտով աւարտեց: Օպի Թոփին 17 կէտ նշանակեց:
Վաղը առաւօտեան տեղի կ՛ունենայ 5-րդ ճակատումը` Օքլահոմայի մէջ: