Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի լեռնալիբանանի ախոյեանութեան գծով այսօր ժամը 17:00-ին Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Բ. հանգրուանի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սարպայի դէմ:
Իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Շապապ Պըրժին եւ այսօր երկրորդ յաղթանակով ինքզինք պիտի ամրապնդէ առաջին դիրքին վրայ:
Մրցակից Ահլի Սարպա ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբին հետ:
Համակիրներէն կը սպասուի ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, ժամը 16:00-էն փոխադրակառքեր տրամադրուած են զանոնք փոխադրելու դաշտ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն: