Քանի մը օր առաջ «Օլտ Թրաֆորտ»-ի մէջ «Սոքըր էյտ» բարեսիրական հանդիպում մը իրար դէմ հանեց Աշխարհի եւ Անգլիոյ նախկին աստղերը: Այս մրցումը, որ կազմակերպած էր ԵՈՒՆԻՍԵՖ, ձեռք ձգեց 7 միլիոն սթերլինկ փաունտ:
Աշխարհի հաւաքականէն հանդէս եկան Քարլոս Թեւես, Ռիվալտօ, Լէոնարտօ Պոնուչչի, Էտուին Վան Տեր Սար, Նեմանիա Վիտիչ եւ այլ մարզիկներ: Անգլիոյ ազգային հաւաքականին մաս կազմեցին Ուէյն Ռունի, Փոլ Սքոլզ, Ճօ Հարթ, ինչպէս նաեւ աղջկանց ազգային խումբի մարզիկներէն Սթեֆ Հաութըն:
Մրցումը վերջ գտաւ աշխարհի հաւաքականի յաղթանակով (5-4), ուր Քարլա Թեւես կարճ ժամանակ մասնակցելով նշանակեց… 4 կոլ: Հետաքրքրական դրուագ մը պատահեցաւ, երբ Պոնուչչի կարծր թաքըլ կատարեց Սթեֆ Հաութընի վրայ` գնդակը խլելով անկէ: Հաութըն կոշտ ձեւով խոշտանգուեցաւ, բայց… մրցումէն ետք նկարուեցաւ Պոնուչչիի հետ ժպտալով: Պոնուչչի պարզապէս նկարին վրայ գրած էր. «Տակաւին կ՛ապրի»: