Երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 90-77 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն եւ 4-րդ դիրքը գրաւելով շահեցաւ կիսաւարտականի իր տոմսը` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան (1994-էն ետք) 6-րդ անգամ ըլլալով:
Մրցումը շատ տաք մթնոլորտի մէջ ընթացաւ. շատ վտանգաւոր էր դաշտի մակերեսը, ուր տաքութեան պատճառով սահելու վտանգ կար, մանաւանդ որ մարզիկները բնականաբար կը քրտնէին:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Թայլըր Պէյ, որ 25 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ բոլոր տղաքն ալ իրենց կարելին տուին: Ճորտըն 18 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 3 պլոք կատարեց, Կապրիէլ Աճէմեան (17 կէտ եւ 7 էսիսթ), Պասել Հարֆուշ (16 կէտ եւ 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ), Տուէյն Ճեքսըն (7 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Գէորգ Գէորգ (7 կէտ) մէկ մարդու պէս պայքարեցան եւ խմբային խաղով տիրապետեցին մրցակիցին վրայ, որ միայն 2 կէտով կրցաւ պահ մը հեռանալ ՀՄԸՄ-էն: ՀՄԸՄ 14 կէտի ալ հասցուց առաւելութիւնը, բայց ամէնէն կարեւորը յաղթանակէն էր եւ համակիրներուն օգնութեամբ յաղթանակին տիրանալը:
Կիսաւարտականին ՀՄԸՄ պիտի մրցի ախոյեան Ռիատիի դէմ, որմէ շատ հաւանական է, որ բացակային Ուաէլ Արաքժի եւ Ամիր Սէուտ, որոնք վիրաւոր են:
Չորեքշաբթի օր տեղի կ՛ունենայ այս բնական տարեշրջանի վերջին մրցումը` Ղազիրի մէջ, ուր Սաժես պիտի հիւրընկալէ Ռիատին:
Նշենք, որ 11-րդ դիրքի մրցումին, Էն. Էս. Էյ. 113-94 արդիւնքով յաղթած էր Մէյրուպային, որ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Հուփս գրաւած էր 9-րդ դիրքը` փրկուելով փլէյ օֆի մրցումէն, յաղթելէ ետք Թատամոն Հարաժելի (79-55):
Զտումի վերջին մրցումին, Էն. Էս. Էյ., որ բնական տարեշրջանին վերջին դիրքը գրաւած էր, «փրկուեցաւ» վտանգէն, երբ 85-71 արդիւնքով յաղթեց Թատամոն Հարաժելին: 11-րդ դիրքը գրաւող Թատամոն Հարաժել Բ. դասակարգի փոխախոյեանին դէմ զտումի մրցում պիտի կատարէ, որմէ ետք արժանի խումբը կա՛մ կը մնայ առաջին դասակարգ, կա՛մ կը բարձրանայ առաջին դասակարգ: