Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նօ Լիմիթցը` շարունակելով պայքարիլ Բ. դիրքին համար:
Մահմուտ Հաուլի ազատ հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը, ապա խմբապետ Մոհամետ Ապտել Սաթեր փենալթիով նշանակեց երկրորդ կոլը: Ապտըլ Սաթեր, որ լաւապէս դարմանուած չէ, լաւ ելոյթ մը ունեցաւ:
Բ. կիսախաղին սկիզբը պահ մը կորսուած վիճակէ մը ետք Նօ Լիմիթց նշանակեց անակնկալ կոլ մը, որմէ ետք պաշտպան Հայսամ Մոքտատ (Մոքքա) նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երրորդ կըոլը, իսկ Մոհամետ Մաթար փակեց մրցումին հաշիւը` նշանակելով ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին 4-րդ կոլը:
Յառաջիկայ շաբաթ ՀՄԸՄ պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, ապա Սապիլի եւ վերջին մրցումին` Սանհարիպի դէմ:
Սանհարիպ, որ Պի. Էֆ. Էյ.-ի ակադեմիայի խումբն է, լուրջ մրցակից է, եւ յուսանք, որ կարենանք գերազանցել զայն: