Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 120-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը եւ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ: Այժմ Թանտըր յաղթանակի մը կարիք ունի` դառնալու «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան, 1979-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
1979-ին Օքլահոմա տարբեր անուն ունէր` Սիթել Սուփըրսոնիքս, եւ այդ օրերուն Տենիս Ճոնսընի գլխաւորութեամբ Սիեթլ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ուաշինկթըն Պուլեթցը (այժմ` Ուիզըրտծ):
Տենիս Ճոնսըն, որ 2007-ին մահացաւ, այդ տարին «Էմ. Վի. Փի.» դարձած էր, իսկ այժմ իր դերը կը կատարէ Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր:
Շէյ 31 կէտ նշանակեց երէկ, մինչ խմբակից Ճէյլըն Ուիլիամս փլէյ-օֆի մրցումներուն մէջ իր ասպարէզին մրցանիշ մը իրագործեց 40 կէտ նշանակելով:
10-րդ անգամն էր այս եղանակին, որ Շէյ-Ճէյլըն զոյգը 70 կէտերէ աւելի կը նշանակէին մէկ մրցումի ընթացքին:
18 կէտով ետ մնալէ ետք երկրորդ մասին, Ինտիանա, որ կը կոչուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Քամպեք Քինկզ»-ը (վերադառնալու թագաւոր), կրցաւ վերադառնալ եւ 3 կէտով ալ առաջ անցաւ 3-րդ մասին:
Բայց Թայրիս Հալիպըրթընի ոտքի ցաւը առիթ չտուաւ, որ առաջին ճակատումին նման Ինտիանա յաղթէ Օքլահոմայի դաշտին վրայ:
Փասքալ Սիսքամ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ կը հիւրընկալէ 6-րդ ճակատումը ուրբաթ առաւօտեան ժամերուն: Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փէյսըրզի, որ 4-րդ մասին 2 կէտի նուազեցուց Օքլահոմայի առաւելութիւնը, բայց Թանտըր վերջնականապէս հեռացաւ եւ յաղթեց 11 կէտերու առաւելութեամբ: