Արմանտ Տիւփլանթիս իր ասպարէզին երազներէն մէկը իրականացուց, երբ իր հայրենիքին` Շուէտի մէջ մրցանիշ հաստատեց ձողով բարձրութիւն ցատկելու:
Արդարեւ, Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած «Տայմընտ լիկ»-ի աթլեթիզմի ախոյեանութեան, 25 տարեկան Տիւփլանթիս, որ Միացեալ Նահանգներ ծնած է, իր ասպարէզի 12-րդ մրցանիշը հաստատեց 1 սանթիմեթրով բարելաւելով իր նախկին մրցանիշը, որ 6,27 մեթր էր:
Ողիմպիական աւանին մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան հազարաւոր հանդիսատեսներ իրենց կանչերով ցնցեցին դաշտը` ոգեւորելով իրենց մարզիկը:
Անցեալ փետրուարին Տիւփլանթիս իր նախկին մրցանիշը բարելաւած էր:


