Միւնիխի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող հրաձգութեան աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան երրորդ եւ աւարտական փուլին, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Բենիկ Խլղաթեան եւ Էլմիրա Կարապետեան փոխախոյեան հռչակուեցան 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի ազատ ոճի մրցաձեւին:
Զտումի փուլին անոնք 580 կէտ ձեռք ձգեցին, իսկ աւարտականին 4:16 արդիւնքով պարտուեցան Չինաստանի խումբէն:
Հայ հրաձիգները անհատական մրցումներուն ալ մասնակցեցան: Աղջկանց 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի մրցաձեւին Էլմիրա Կարապետեան 578 կէտ հաւաքելով գրաւեց 9-րդ դիրքը, իսկ տղոց մրցումներուն Բենիկ Խլղաթեան 581 կէտով գրաւեց 12-րդ դիրքը:
Նշենք, որ աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան մասնակցեցան 73 երկիրներէ 650 հրաձիգներ: