ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շաբաթ օր Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր 2-րդ մրցումին ծանր պարտութեան մատնեց Ահլի Սարպան` հաստատելով, որ այս տարի ալ խումբը գլխաւոր թեկնածուներէն է բարձրանալու Գ. դասակարգ:
Պուրճ Համուտ քիչ մը դանդաղ սկսաւ մրցումը, եւ հակառակ քանի մը առիթներ ստեղծելուն, մինչեւ 30-րդ վայրկեան կորսուած վիճակ մը կար, որ անմիջապէս «լուծուեցաւ»:
33-րդ եւ 35-րդ վայրկեաններուն, Քարլոս Թոմաս եւ Իպրահիմ Մուսաուի նշանակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի արագ կոլերը:
Բ. կիսախաղին Աւիկ Յարութիւնեանի ազատ հարուածէն ետք, անցեալ տարուան կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ գլխու հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը: 79-րդ վայրկեանին այս տարուան կոլ-սքորըր Սերժ Օսքեան փենալթիով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 4-րդ կոլը: Հազիւ 5 վայրկեան անցած Համատէ նշանակեց իր 2-րդ եւ ՀՄԸՄ-ի 5-րդ կոլը:
Սերժ Օսքեան 89-րդ վայրկեանին փակեց մրցումին հաշիւը` նշանակելով իր 2-րդ եւ այս տարեշրջանի իր 11-րդ կոլը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիուաա Պարժան: