Մարզական

Օպամեյանկ` Ափրիկէի 2015-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, ընտրուեցաւ Ափրիկէի 2015-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան ապահովեց 143 կէտ, յայտնեց Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Երկրորդ դիրքը փոքր տարբերութեամբ (136 կէտ) գրաւեց Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Եայա Թուրէ, իսկ երրորդ դիրքը 112 կէտով` Անտրէ Այու (Սուանզի): Տարուան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Նիկերիոյ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմհէ: Իսկ...

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Պարտուեցաւ` 29-րդ Անգամն Ըլլալով

Քոպի Պրայընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան չորս մրցումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Սաքրամենթօ Քինկզի, երեք կէտի տարբերութեամբ` 118-115 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Քոպի Պրայընթ նշանակեց 28 կէտ` ի նպաստ իր կազմին` Լէյքըրզի: Ցարդ միայն 8 յաղթանակ արձանագրած Լէյքըրզ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր 29-րդ պարտութիւնը: Անիկա այժմ կը գրաւէ Արեւմտեան գօտիին 15-րդ եւ...

Փորթոյի Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Փորթօ յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խուլեն Լոփեթեկուին: Այս պայմանագիրի խզումին շուրջ փորթուգալեան կազմը բանակցութիւններ կը վարէ սպանացի մասնագէտին հետ, որպէսզի յստակացնէ, թէ որքա՛ն հատուցում պիտի վճարէ անոր: Նշենք, որ այս տարեշրջանին Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Փորթօ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով Սփորթինկ Լիզպոնէն:  

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք Պարսելոնա Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիոնել Մեսսի Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պարսելոնա 4-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էսփանիոլին, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նշանակեց երկու կոլ` 13-րդ եւ 44-րդ վայրկեանին, ինչպէս նաեւ կատարեց յաջորդ երկու կոլերուն փոխանցումները, որոնք նշանակուեցան Ժերար Փիքէի (49-րդ) եւ Նէյմարի (88-րդ) կողմէ: Նշենք, որ Էսփանիոլ մրցումը աւարտեց ինը մարզիկով, երբ Հեռնան Փերես (72-րդ) եւ...

Թենիս. Աղջկանց Դասաւորման Առաջին Դիրքը Գրաւողներուն Վեցէն Հինգը Հրաժարեցան Մասնակցիլ Տարուան Առաջին Մրցաշարքերուն

2016-ին տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային առաջին մրցաշարքերուն մասնակցելէ հրաժարեցան աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին վեց դիրքերը գրաւողներէն հինգը: Սերենա Ուիլիըմզ (առաջին) ծունկի վնասուածքի պատճառով հրաժարեցաւ մասնակցելէ Հոփմանի բաժակի մրցաշարքին: Պրիսպանի մրցաշարքին պիտի չմասնակցին Սիմոնա Հալեփ (2-րդ), Կապին Մուկուրուզա (3-րդ) եւ Մարիա Շարափովա (4-րդ). բոլորն ալ` վիրաւոր ըլլալու պատճառով: Իսկ Շենչժենի մրցաշարքին պիտի չմասնակցի վիրաւոր Փեթրա Քվիթովա (6-րդ): Միայն Ակնեսցքա Ռատուանսքա...

25 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Ներքին Բանակումի Մը` Լիբանանի Մարզիչ Ռատոլովիչի Կողմէ

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ 25 ֆութպոլիստներ հրաւիրեց յատուկ ներքին բանակումի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 11-13 յունուարին: Այս բանակումը կ՛իյնայ Հարաւային Քորէայի եւ Միանմարի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն ծիրին մէջ: Անիկա կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Մարզիկները իրենց հանդիպումը պիտի ունենան երկուշաբթի, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Լանքասթըր» պանդոկին մէջ (Ռաուշէ): Ստորեւ` մարզիչին կողմէ...

Սալամ, Պըրժ Եւ Այլ Ակումբներ Տուգանքի Ենթարկուեցան

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը փոխանցեն, որ վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Թէեւ այդ վաւերացուածներուն կարգին եղաւ Ահտ - Նըժմէ մրցումին արդիւնքը (1-1), սակայն անոր ընթացքին տեղի ունեցած հարցերուն թղթածրարը չփակուեցաւ: Ուստի, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ կատարուած խռովութիւնները եւ ճշդէ սահմանուելիք պատիժները: Սալամ Զղարթա հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, նոյնքան տուգանքի ենթարկուեցաւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Շանվիլ Պարտուեցան. Այսօր` Ռիատի – Լուէյզի

Սաժես - Թատամոն մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Ղազիրի մէջ Սաժես, որ հիւրընկալեց Թատամոնը, 94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (20-24, 42-46, 56-73 եւ 81-94): Նշենք, որ Սաժես այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, մինչ Թատամոն արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: Թատամոնի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց...

«Քիքըր» Մխիթարեանին Ընդգրկեց Ամէնէն Բարձր Վարկանիշին Մէջ

«Քիքըր» պարբերաթերթը կազմեց ֆութպոլիստներու վարկանիշային դասաւորումները, որոնք կը բաժնուին 3 մասի: Առաջինին մէջ, որ կը կոչուի միջազգային կարգ, ներառուած է նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան: Ցարդ Պունտըսլիկայի 16 մրցումներու ընթացքին Մխիթարեան նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած կոլի 10 փոխանցում:  

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 2 Դիրքով Յառաջդիմեց

ՖԻՖԱ-ին հրապարակած յունուար ամսուան ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2 դիրքով յառաջդիմելով այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 121-րդ դիրքը: 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի մաս կազմած խմբակին խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Ռումանիա` 16-րդ, Լեհաստան` 35-րդ, Դանիա` 42-րդ, Մոնթենեկրօ` 85-րդ եւ Ղազախստան` 132-րդ: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել Պելճիքան, որուն կը յաջորդեն Արժանթին եւ Սպանիա:

Քալչիօ. Ինթեր Միլան Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Էմփոլի - Ինթեր Միլան մրցումէն Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Քալչիոյի 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ինթեր Միլան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Էմփոլիի (8-րդ) դաշտէն: Ինթերի կոլը նշանակեց Մաուրօ Իքարթի, նախքան Ա. կիսախաղին աւարտը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ինթեր իր ունեցած մէկ կէտի առաւելութիւնը պահեց Ֆիորենթինայի (2-րդ) եւ Նափոլիի (3-րդ) վրայ, որոնք իրենց...

Զիտան Փոխարինեց Պենիթեսը

2015-2016 տարեշրջանը մեծ ձախողութեամբ սկսած Ռէալ Մատրիտ ի վերջոյ որոշեց պաշտօնանկ ընել ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Ռաֆայէլ Պենիթեսը, որ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» եկած էր մեծ խոստումներ տալով: Ռէալի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ ակումբի տնօրէններու խորհուրդը որոշեց Պենիթեսը հեռացնել իր պաշտօնէն: Պենիթեսը փոխարինեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի, Եուվենթուսի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ Զինետին Զիտան, որ արդէն իսկ...

Պենիթես Կը Հեռանայ` 10 Միլիոն Եւրօ Գանձելով

Նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ ինք եղաւ մարզիչին հետ նախապէս կնքուած համաձայնագիրը խզողը, ակումբին գլխաւոր մարզիչին` Ռաֆայէլ Պենիթեսի ստիպուած է վճարել 10 միլիոն եւրօ: Այս լուրը փոխանցեց «Տէյլի Մէյլ»-ը նշելով, որ թէեւ Պենիթես կորսնցուց իր պաշտօնը, բայց 10 միլիոն եւրօ գանձելով կը հեռանայ:  

Մանչեսթըր Եունայթըտ Կերըթ Պէյլի Համար Կ՛առաջարկէ 102 Միլիոն Եւրօ

Անյպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ Կերըթ Պէյլը, իր կազմին միացնելու համար` նկատի ունենալով, որ անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի կ՛առաջարկէ 102 միլիոն եւրօ: Այս մասին կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Պէյլ 2013-ին 85 միլիոն եւրոյի փոխարէն Թոթենհամէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ: Ան արքայական ակումբին հետ ընթացիկ ախոյեանութեան գծով մասնակցած է 13...

Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Սկսաւ Իր Պատրաստութեան

Փետրուարին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի ասիական մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շարք մը երկիրներու, որոնց կարգին` Լիբանանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը: Պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին, Լիբանանի մարզիչ Պասեմ Մոհամետ ազգային խումբ հրաւիրեց 30 մարզիկներ` լիբանանեան բոլոր շրջաններէն: Պատրաստութիւններուն ծիրին մէջ Լիբանանի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական շարք մը մրցումներ տեղական խումբերու դէմ` այս եւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսին Բ. Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին վաղը` հինգշաբթի, 7 յունուարին, երբ տեղի կ՛ունենան երկու հանդիպումներ: Ուրբաթ, 8 յունուարին տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, իսկ այլ մրցումով մը այս հանգրուանը կ՛աւարտի շաբաթ, 9 յունուարին: Նկատի ունենալով, որ խումբերը անզոյգ են, Հուփս այս հանգրուանին մրցում չունի կատարելիք: Ա. հանգրուանին հանգիստի մէջ էր Ռիատի Պէյրութ: Ստորեւ` 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ակումբներ Հանդիպում

Երէկ` երեքշաբթի, 5 յունուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող 8 խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հանդիպումը գլխաւորեց, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, հաշուապահ Ճորճ Սապունճեան եւ Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն Մարուն Ժըպրայել: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասին քննարկումներ կատարելէ ետք, խօսուեցաւ նաեւ...

Ճատրակ.  Նանօր Արնելեան Մետալակիր` Փարիզի Մէջ

Ճատրակ. Նանօր Արնելեան Մետալակիր` Փարիզի Մէջ

Կիրակի, 3 յունուար 2016-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Վենսան արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի բաց մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ ու փոքր երկսեռ խաղացողներ, որոնք ունէին վարկանշային բարձր դիրքեր` միջազգային դասաւորման մէջ: Այս բաց մրցաշարքին Նանօր Առնելեան լիբանանցի միակ ճատրակ խաղացողն էր: 7 մրցումէ 4 յաղթանակ արձանագրելով եւ իբրեւ պատանի լաւագոյն խաղացող ճանչցուելով, Նանօր Արնելեան արժանացաւ յատուկ մետալի մը`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատուաբեր Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Շանվիլը` 114-102 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի խումբին պատուաբեր յաղթանակով: Անիկա չորս քորթըրներուն ալ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ, արձանագրեց 114-102 արդիւնքով յաղթանակ մը (26-30, 50-55, 71-84 եւ 102-114): Իր արձանագրած այս յաղթանակով ՀՄԸՄ փաստեց, որ ունի զօրաւոր խումբ մը եւ կրնայ...

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան Բարելաւեց Իր Դիրքը Դասաւորման Մէջ

ՖԻՏԷ-ի հրապարակած 2016-ի առաջին դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, շարունակելով իր յառաջխաղացքը, բարձրացաւ 4-րդ դիրք` ունենալով վարկանշային 2792 կէտ: Ան դեկտեմբերին կը գրաւէր 6-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2844): Անոր ետին կը գտնուի ռուս Վլատիմիր Քրամնիք (2801), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ հոլանտացի Անիշ Կիրի (2798): Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ...

Page 1148 of 1276 1 … 1,147 1,148 1,149 … 1,276

Արխիւներ