ՖԻՖԱ-ին հրապարակած յունուար ամսուան ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2 դիրքով յառաջդիմելով այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 121-րդ դիրքը:
2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի մաս կազմած խմբակին խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
Ռումանիա` 16-րդ, Լեհաստան` 35-րդ, Դանիա` 42-րդ, Մոնթենեկրօ` 85-րդ եւ Ղազախստան` 132-րդ:
Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել Պելճիքան, որուն կը յաջորդեն Արժանթին եւ Սպանիա: