Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Փորթօ յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խուլեն Լոփեթեկուին:
Այս պայմանագիրի խզումին շուրջ փորթուգալեան կազմը բանակցութիւններ կը վարէ սպանացի մասնագէտին հետ, որպէսզի յստակացնէ, թէ որքա՛ն հատուցում պիտի վճարէ անոր:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ Փորթօ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով Սփորթինկ Լիզպոնէն: