Փետրուարին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի ասիական մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ շարք մը երկիրներու, որոնց կարգին` Լիբանանի ֆութպոլի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը:
Պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին, Լիբանանի մարզիչ Պասեմ Մոհամետ ազգային խումբ հրաւիրեց 30 մարզիկներ` լիբանանեան բոլոր շրջաններէն:
Պատրաստութիւններուն ծիրին մէջ Լիբանանի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական շարք մը մրցումներ տեղական խումբերու դէմ` այս եւ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին: