Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) հիւրը եղաւ Լուէյզիի: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ` Լուէյզիի դէմ 74-70 արդիւնքով (20-19, 35-34, 55-55 եւ 70-74): Ինչպէս նկատելի է քորթըրներուն արդիւնքներէն, մրցումը եղաւ շատ հաւասարակշռուած եւ մինչեւ մրցումին վերջին...

Լիոնել Մեսսի 5-րդ Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ «Ոսկիէ Գնդակ»-ին

Երէկ` երկուշաբթի, 11 յունուարին, տեղի ունեցաւ 2015-ի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութիւնը, ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ` (Զուիցերիա): Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, ապահովելով ձայներուն 41.33 առ հարիւրը, 5-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ «ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հանդիսացաւ երկրորդ (ձայներուն 27.76 առ հարիւրը), մինչ երրորդ հանդիսացաւ Նէյմար (7.86 առ հարիւր): Նշենք, որ տիտղոսակիրը կ՛որոշուի ազգային խումբերուն մարզիչներուն եւ խմբապետներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն քուէարկութեամբ:...

Թենիս. 2015 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կատարեց 2015-ի մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն, որոնք թէ՛ տեղական, թէ՛ ալ միջազգային գետնի վրայ տիտղոսներու կամ մետալներու տիրացան: Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Սալիպա շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, յայտնեց, որ հետզհետէ այս մարզին մէջ յառաջխաղացք կ՛արձանագրուի եւ թենիսի մրցաշարքերուն մասնակցողներուն թիւը կ՛աճի: Ան շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց նաեւ հովանաւորող ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ...

Մովսիսեան Կրնայ «Մէյճըր Լիկ» Վերադառնալ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան շատ հաւանաբար վերադառնայ «Մէյճըր լիկ» եւ ֆութպոլի ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ, ուր անցեալին մաս կազմած է Քանսաս Սիթի եւ Ռէալ Սոլթ Լէյքի: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Մովսիսեանի գործակալը` Փաթրիք Մաքէյպ, այժմ բանակցութիւններու մէջ է Սպարտակի եւ Սոլթ Լէյքի հետ` Մովսիսեանի փոխանցումը իրականացնելու համար: Նշենք, որ 2010-2011 տարեշրջանէն...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Յաղթեց, Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան 9 ճակատումներ: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ երկարաձգումէն ետք յաջողեցաւ 114-111 արդիւնքով յաղթել իր հիւրին` Նիւ Օրլինզին: Քրիս Փոլ (Քլիփըրզ) նշանակեց 25 կոլ: Իր կարգին, Ինտիանա Փէյսըրզ երկարաձգումէն ետք յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտին վրայ: Լոս Անճելըսի երկրորդ խումբը` Լէյքըրզ, իր դաշտին վրայ 86-74 արդիւնքով տեղի տուաւ Եութա Ճեզի դիմաց: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ...

Թէյմուրեան Լքեց Քաթարեան Ակումբը` Թուրք Մարզիչին Պատճառով

Անդրանիկ Թէյմուրեան (աջին) Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Անդրանիկ Թէյմուրեան լքեց իր ակումբը` քաթարեան ըմ-Սալալը, յայտնեցին իրանեան լրատուամիջոցները: Խումբի գլխաւոր մարզիչ Պիւլենթ Ույկուն արդէն իսկ սկիզբէն չէր ուզեր իր կազմին մէջ տեսնել Թէյմուրեանը, սակայն քաթարեան ակումբին պատասխանատուները, առանց թուրք մարզիչին համաձայնութեան, պայմանագիր կնքեցին իրանահայ ֆութպոլիստին հետ: Քաթարի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան, 32 տարեկան միջնապահը մասնակցեցաւ 14 մրցումի, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:...

Ռայօ Վայեքանօ Կ՛ուզէ Փոխ Առնել Օզպիլիսը

Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ սպանական Ռայօ Վայեքանօ ակումբին հետ: Ռուսական մամուլին համաձայն, մատրիտեան ակումբը Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստը փոխ առնելու առաջարկ մը ներկայացուցած է ռուսական ակումբին: Սակայն ներկայ դրութեամբ կը կարծուի, որ երկու կողմերը իրարու հետ չեն կրնար համաձայնիլ 25 տարեկան մարզիկին բարձր աշխատավարձին պատճառով, որ տարեկան կը կազմէ 1,5 միլիոն...

«Քալչիօ».  Այսօր` Լացիօ Ռոմա –  Ա. Սէ. Միլան

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջի Մրցումներուն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, Նափոլի 5-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք այս տարեշրջանին Ա. դասակարգ բարձրացած Ֆրոզինոնէի, երթի մրցումները աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ եւ ապահովելով 41 կէտ, հանդիսացաւ աշնան ախոյեան: Անոր ետին 39-ական կէտով յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ինթեր Միլան եւ Եուվենթուս: Նախքան այս հանգրուանը, պարագլուխի դիրքը կը գրաւէր...

Ռէալ Պեթիս Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

«Լա լիկա»-ի խումբերէն Ռէալ Պեթիս պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Փեփէ Մելը, նկատի ունենալով, որ խումբը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը մնայ առանց յաղթանակի: Խումբը իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց նոյեմբերի վերջը: Նշենք, որ այսօր Պեթիս մրցում մը ունի կատարելիք Սեւիլլայի դէմ` Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Եթէ Պեթիս պիտի հասնի քառորդ աւարտական, պէտք է յաղթէ նուազագոյնը...

Ռաքիթիչ Իր Պայմանագրութիւնը Կրնայ Երկարաձգել Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ քաթալոնական ակումբին հետ: 27 տարեկան խրուաթ ֆութպոլիստին պայմանագրութեան աւարտին թէեւ 3,5 տարի մնացած է, բայց ան կը փորձէ այդ պայմանագրութիւնը աւելի երկարաձգել: Ցարդ Ռաքիթիչ Պարսելոնայի հետ կատարած է 80 մրցում եւ նշանակած 11 կոլ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան շաբաթ, 9 յունուարին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Պիպլոսը: ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր բացման մրցումին պարտութեան մատնած էր Շանվիլը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 83-76 արդիւնքով (21-26, 36-45, 57-67 եւ 83-76): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ՀՄԸՄ պասքեթպոլի դաս մը տուաւ Պիպլոսին, որ վերջերս...

Կռփամարտ. Նոել Գէոր Պաշտպանեց WBO-ի Տիտղոսը

Նոել Գէոր (ձախին) Նախորդ շաբաթավերջին Օֆենպուրկի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցաւ WBO-ի միջազգային գօտիի մենամարտը` Գերմանիան ներկայացնող Նոել Գէորի եւ 39 տարեկան ռուս Վալերի Պրութովի միջեւ: 10 ռաունտերէն ետք 25 տարեկան Նոել Գէոր իրաւարարներուն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ` 99-91, 99-91 եւ 98-92 արդիւնքով: Լուրը հաղորդող ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ Նոել Գէոր բնակած է Երեւանի մէջ եւ անոր իսկական անունը Նորայր Միքայէլեան է:

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Անտոնեան Նշանակեց 2 Կոլ` Տիժոնի Հետ

Կայէլ Անտոնեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Տիժոնի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան նշանակեց 2 կոլ` Նիորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-2): Ան այսպիսով իր առաջին երկու կոլերը նշանակեց իր ակումբին հետ` յաջորդաբար 19-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն: Տիժոն, որ այսպիսով ապահովեց 38 կէտ, կը գրաւէ Ֆրանսայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը` 4 կէտով ետ մնալով Նանսիէն: Նշենք, որ Անտոնեան իբրեւ փոխ տրուած...

Միշել Տէր Զաքարեան 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Նանթի գլխաւոր մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան «Լիկ-1»-ի կարգապահական յանձնախումբին կողմէ 2 մրցումով կախակայուեցաւ` իր ոչ մարզավայել կեցուածքին պատճառով: «Լը Ֆիկարօ» կը տեղեկացնէ, որ 52 տարեկան հայ մասնագէտը մեղադրուեցաւ իրաւարարներուն վրայ ճնշում գործադրած ըլլալու յանցանքով: Անոր պատիժը կը սկսի 12 յունուարէն սկսեալ:

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Մեծ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Կերըթ Պէյլ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ արձանագրեցին մեծ յաղթանակներ: Պարսելոնայի յաղթական մարզիկները «Նու Քամփ»-ի մէջ Պարսելոնա աւելի քան 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 4-0 արդիւնքով յաղթեց Կրանատայի: Լիոնել Մեսսի հեթրիք մը իրագործեց (8-րդ, 14-րդ եւ 58-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Նէյմար (83-րդ): Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ, իր նոր մարզիչին`...

«Էն. Պի. Էյ.» Ուորիըրզ Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը, Իսկ Լէյքըրզ` Իր Նահանջը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Մինչ Ուորիըրզ շարունակեց իր յառաջխաղացքը` արձանագրելով իր 35-րդ յաղթանակը, անդին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ շարունակելով իր նահանջը կրեց տարեշրջանի իր 30-րդ պարտութիւնը: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները. ՇԱԲԱԹ   Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 88-97 Պրուքլին Նեթց - Օրլանտօ Մեճիք 77-83 Մեմֆիս Կրիզլիզ - Տենվըր Նակեթց...

«Էն. Պի. Էյ.»-ի Նախկին Մարզիկը Նշանակեց… 72 Կէտ

Ճորտըն Քրոֆորտ Թիանժինի հետ հանդէս եկող «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին մարզիկ Ճորտըն Քրոֆորտ, Չինաստանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան` Սիչուանեմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց... 72 կէտ: Սակայն հետաքրքրականը այն է, որ հակառակ այդքան կէտ նշանակելուն, ան չկրցաւ իր կազմը փրկել պարտութենէ մը` 113-104 արդիւնքով:

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Բարեկամական 2 Մրցում Պիտի Կատարէ Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ մայիսի վերջը եւ յունիսի սկիզբը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կրեն բարեգործական բնոյթ: Նշենք, որ յառաջիկայ մարտին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պիելոռուսիան` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը կը մրցի Պիպլոսի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ուղղուիլ մարզադաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Ա. Սէ. Միլան. Վաղը` Սելթա Վիկօ – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Նախ նշենք, որ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան երթի վերջին հանգրուանի մրցումները, մինչ Ֆրանսայի մէջ սկիզբ կ՛առնեն դարձի մրցումները: Իտալիոյ մէջ այսօր բաւական «տաք» մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Ա. Էս. Ռոմա - Ա. Սէ. Միլան ճակատումը: Կարեւոր պիտի ըլլայ նաեւ վաղը Սպանիոյ...

Page 1147 of 1276 1 … 1,146 1,147 1,148 … 1,276

Արխիւներ