Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատուաբեր Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Շանվիլը` 114-102 Արդիւնքով

January 5, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երէկուան մրցումէն PROFOTO
Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Շանվիլ Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:

Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի խումբին պատուաբեր յաղթանակով: Անիկա չորս քորթըրներուն ալ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ, արձանագրեց 114-102 արդիւնքով յաղթանակ մը (26-30, 50-55, 71-84 եւ 102-114):

Իր արձանագրած այս յաղթանակով ՀՄԸՄ փաստեց, որ ունի զօրաւոր խումբ մը եւ կրնայ զարմացնել եւ պարտութեան մատնել որեւէ խումբ, որ իր դիմաց կրնայ գալ այս տարեշրջանին:

Երէկուան մրցումին դաշտին տէրը փորձեց կէտերու տարբերութիւնը հետզհետէ նուազեցնել, սակայն ՀՄԸՄ եղաւ անդրդուելի եւ արձանագրեց այս տարեշրջանին ամէնէն բարձր արդիւնքը` ցարդ տեղի ունեցած երեք մրցումներուն մէջ:

Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կազմը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).

Նորվել Փելէ (35′ 47″, 8 կէտ, 16 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (22′ 23″, 2 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ճասթին Թապզ (30′ 50″, 25 կէտ, 6 ռիպաունտ), Ահմետ Իպրահիմ (37′ 54″, 36 կէտ, 5 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (26′ 33″, 18 կէտ, 3 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (2′ 17″), Պատիհ Սուէյտ (4′ 12″) եւ Տուայն Ճեքսըն (40′ 00″, 25 կէտ, 8 ռիպաունտ):

Ինչ կը վերաբերի Շանվիլի, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց վրացի Նիքոլոզ Ցիթիշվիլի (40′ 00″, 30 կէտ, 16 ռիպաունտ), ապա` Էլի Սթեֆան (34′ 51″, 23 կէտ, 6 ռիպաունտ):

Օրուան իրաւարարներն էին Ֆուազի Աշքութի, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:

Այսօր, երէկուան ժամը 18:00-ին, Պիպլոս առաջին հանգրուանի փակման մրցումին կը հիւրընկալէ Լուէյզին, Ժիպէյլի մէջ:

Իսկ Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ շաբաթ, 9 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:

 

Նախորդը

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան Բարելաւեց Իր Դիրքը Դասաւորման Մէջ

Յաջորդը

Ճատրակ. Նանօր Արնելեան Մետալակիր` Փարիզի Մէջ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.