Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը փոխանցեն, որ վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները:
Թէեւ այդ վաւերացուածներուն կարգին եղաւ Ահտ – Նըժմէ մրցումին արդիւնքը (1-1), սակայն անոր ընթացքին տեղի ունեցած հարցերուն թղթածրարը չփակուեցաւ: Ուստի, կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի քննարկէ կատարուած խռովութիւնները եւ ճշդէ սահմանուելիք պատիժները:
Սալամ Զղարթա հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, նոյնքան տուգանքի ենթարկուեցաւ Պըրժ (Գ. դասակարգ):
Պըրժի պատասխանատուներէն Ապպաս Մըքթատ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար:
Նոյնքան ժամանակով կախակայուեցաւ Անսարի պատասխանատուներէն (կրտսերներու խումբ) Ալի Ալուա:
Ռիատա Ուալ Ատապ (կրտսերներու խումբ) Ալի Ալուա:
Ռիատա Ուալ Ատապ (կրտսերներ) չորս հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, եւ անկէ խլուեցաւ վեց կէտ:
Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար, մէկական մրցումով կախակայուեցան (ֆութսալ, Բ. դասակարգ)` Սեւակ Օհանեան եւ Շանթ Պալեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ):
Հրապարակուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.
ՇԱԲԱԹ, 9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Ախա Ահլի Ալէյ – Շեպիպեթ Մազրաա | 13:30 | Նըժմէ |
ԿԻՐԱԿԻ, 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ. | ||
Ահլի Սայտա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի | 13:30 | Քֆարժոզ |
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ. | ||
Պընթ Ժըպէյլ – Ամալ Մաարաքէ | 13:30 | Քֆարժոզ |
Վաւերացուեցան նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց կարգին` ՀՄՄ – Շեքքա (Բ. խմբակ) մրցումին արդիւնքը (1-1):
Դ. հանգրուանի մրցումներուն առնչութեամբ նշուեցաւ, որ ՀՄՄ իր մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 10 յունուարին ժամը 14:15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ, ուր պիտի մրցի Արապի Թրիփոլիի դէմ: