Երէկ` երեքշաբթի, 5 յունուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող 8 խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս հանդիպումը գլխաւորեց, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես, հաշուապահ Ճորճ Սապունճեան եւ Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն Մարուն Ժըպրայել:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասին քննարկումներ կատարելէ ետք, խօսուեցաւ նաեւ աղջկանց այլ դասակարգերու ախոյեանութեան մասին:
Հանդիպումին ներկայ եղողները խօսեցան նաեւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան սկսելիք թուականին մասին, որուն առնչութեամբ ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յառաջիկային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակէ: