«Քիքըր» պարբերաթերթը կազմեց ֆութպոլիստներու վարկանիշային դասաւորումները, որոնք կը բաժնուին 3 մասի:
Առաջինին մէջ, որ կը կոչուի միջազգային կարգ, ներառուած է նաեւ Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան:
Ցարդ Պունտըսլիկայի 16 մրցումներու ընթացքին Մխիթարեան նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած կոլի 10 փոխանցում: