2015-2016 տարեշրջանը մեծ ձախողութեամբ սկսած Ռէալ Մատրիտ ի վերջոյ որոշեց պաշտօնանկ ընել ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Ռաֆայէլ Պենիթեսը, որ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» եկած էր մեծ խոստումներ տալով:
Ռէալի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց, որ ակումբի տնօրէններու խորհուրդը որոշեց Պենիթեսը հեռացնել իր պաշտօնէն:
Պենիթեսը փոխարինեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի, Եուվենթուսի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ Զինետին Զիտան, որ արդէն իսկ կ՛աշխատէր Ռէալ Մատրիտի 2-րդ խումբին հետ` իբրեւ մարզիչ:
Ընդհանուր առմամբ Ռէալի 114 տարուան պատմութեան ընթացքին գլխաւոր խումբը մարզած են 47 մարզիչներ: Զիտան առաջին ֆրանսացի մասնագէտն է, որ կը գլխաւորէ մատրիտեան կազմը:
Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, Փերես 2000-2006 ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ 2009-էն մինչեւ այժմ եղած է Ռէալի նախագահ:
Անոր պաշտօնավարութեան ընթացքին ակումբը գլխաւորած են 10 տարբեր մարզիչներ: Զիտան 11-րդ մարզիչն է: