Անյպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ Կերըթ Պէյլը, իր կազմին միացնելու համար` նկատի ունենալով, որ անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար, անոր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի կ՛առաջարկէ 102 միլիոն եւրօ: Այս մասին կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Պէյլ 2013-ին 85 միլիոն եւրոյի փոխարէն Թոթենհամէն տեղափոխուեցաւ Ռէալ Մատրիտ:
Ան արքայական ակումբին հետ ընթացիկ ախոյեանութեան գծով մասնակցած է 13 մրցումի` նշանակելով 9 կոլ եւ կոլի 8 փոխանցում կատարելով: