Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի 8-րդ Յաղթանակը

Ճիմի Պաթլըր «էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Ֆէոնիքս Սանզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը` 97-77 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը: Նշենք, որ Լէյքըրզ կրած է 27 պարտութիւն: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր, երբ անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, 115-113 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները....

Ահտ Եւ Անսար Խստօրէն Կը Քննադատեն Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Եւ Իրաւարարները

Ահտ Եւ Անսար Խստօրէն Կը Քննադատեն Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Եւ Իրաւարարները

Թամիմ Սլէյման Նեպիլ Պատըր Երէկ տեղի ունեցան երկու տարբեր մամլոյ ասուլիսներ: Առաջինին, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ, Ահտի ակումբին մէջ (Ուզահի), ակումբին նախագահը` Թամիմ Սլէյման, խստիւ քննադատեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ տեղացի իրաւարարները, որոնք իրենց պարտականութիւններուն մէջ կը զլանան, կը կատարեն դիտումնաւոր սխալներ եւ խումբերուն պարտութեան պատճառ կը հանդիսանան: Ան յայտնեց, որ պիտի դիմէ օրինական կարեւոր քայլերու` դէմ դնելու համար...

Պորուսիա Տորթմունտ Մխիթարեանի Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Յստակ Նպատակ Ունի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի գործակալ Մինօ Ռայոլա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ անոր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտ, յստակ նպատակ մը ունի երկարաձգելու ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը: Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Միքայէլ Ցորք: Ներկայիս Մխիթարեան իր ակումբէն տարեկան կը գանձէ 4.5 միլիոն եւրօ: Նոր պայմանագիրով այդ գումարը կրնայ հասնիլ 7 միլիոն եւրոյի: 2015-2016 տարեշրջանին Մխիթարեան պաշտօնական...

Այս Տարեշրջանին Աւարտէն Ետք. Փերես Կ՛ուզէ Ծախել Ռոնալտոն

Սպանական Sport.es կայքին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը մտադրէ ծախել փորթուգալցի իր յառաջապահը` Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, փոխան 60 միլիոն եւրոյի: Ըստ վերոնշեալ կայքին, արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես «Ոսկիէ գնդակ»-ի եռակի տիտղոսակիրը կ՛ուզէ ծախել, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին մտադիր է իր կազմին մէջ  շատ լուրջ փոփոխութիւններ կատարել: Նշենք, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստով ցարդ հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ...

Լուիս Էնրիքէ Լաւագոյն Մարզիչը` Աշխարհի Ակումբներու Մակարդակին Վրայ

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց 2015-ի աշխարհի լաւագոյն մարզիչներուն ցանկը` ակումբներու մակարդակով: Առաջին դիրքը գրաւեց Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ, որ ապահովեց 165 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Եոսիփ Կուարտիոլա (Պայէրն Միւնիխ, 86 կէտ) եւ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի (Եուվենթուս, 43 կէտ):

Մարքօ Վերաթիի` Իտալիոյ 2015-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Իտալիոյ 2015-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի 23 տարեկան միջնապահ Մարքօ Վերաթիի: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքներուն լոյսին տակ, ան շրջանցեց Ճիանլուիճի Պիւֆոնը (Եուվենթուս) եւ Անթոնիօ Քանթրեւան (Լացիօ Ռոմա), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը: Նշենք, որ նախորդ տարի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուած էր յետսապահ Մաթէօ Տարմիան (Թորինօ - Մանչեսթըր Եունայթըտ):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը սկսաւ շաբաթ, 2 յունուարին: Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) Թատամոն 82-86 (22-11, 18-14, 28-22 եւ 20-25) արդիւնքով յաղթեց Մութթահետի: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ այսօր` երկուշաբթի, 4 յունուարին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Տիք Մեհտիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Շանվիլի: Անշուշտ, ինչպէս միշտ, ՀՄԸՄ-ի համակիրները մեծաթիւ ներկայութիւն պիտի ըլլան դաշտին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, զտումի Ա. հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պարտուելով Շեպիպեթ Մազրաայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ահտի դաշտին վրայ, եղաւ բաւական հետաքրքրական: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մրցումի առաջին վայրկեաններէն իսկ վճռական էին, եւ առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 2-0 արդիւնքով ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` շնորհիւ Գէորգ Օհանեանի եւ Վարդան Յարութիւնեանի  նշանակած կոլերուն:...

Էն. Պի. Էյ. Երէկուան Մրցումներուն Արդիւնքները

Տիթրոյիթ Փիսթընզ - Ինտիանա Փէյսըրզ 82-84 Օքլահոմա Սիթի - Շարլոթ Հոռնեթց 109-90 Օրլանտօ Մեճիք - Քլիվլենտ Քաւալիրզ 79-104 Միլուոքի Պաքս - Մինեսոթա Վուլվզ 95-85 Հիուսթըն Ռոքեթց - Սան Անթոնիօ Սփըրզ 103-121 Նիւ Օրլինզ - Տալաս Մավըրիքս 105-98 Մեմֆիս Կրիզլիզ - Եութա Ճեզ 87-92 Տենվըր Նակեթց - Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 108-11 Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 99-130

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Եունայթըտ Ի Վերջոյ Յաղթեց Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Լիոն 7 Կոլ Նշանակեց

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Ի Վերջոյ Յաղթեց Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Լիոն 7 Կոլ Նշանակեց

Անգլիա Արսենալ Լոնտոնի մէջ  յաղթեց Նիւքասըլի, իսկ Լայսթըր իր դաշտին վրայ հաւասար արդիւնքով աւարտեց մրցումը:  Լայսթըրէն Ռիհատ Մահրեզ երկրորդ կիսախաղին չկրցաւ կոլի վերածել փենալթի մը: Մանչեսթըր Եունայթըտ նախորդ 8 մրցումները առանց յաղթանակի աւարտելէ ետք,  ի վերջոյ յաղթեց Սուանսիի: Յաղթանակի կոլը նշանակեց Ուէյն Ռունի, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի իր կոլերու քանակը հասցուց 188-ի` դառնալով բարձրագոյն դասակարգի պատմութեան երկրորդ ամէնէն շատ...

Մաչերանօ Հակամրցանիշ Հաստատեց

Պարսելոնայի արժանթինցի յետսապահ Մաչերանօ` մասնակցելով Էսփանիոլի դէմ մրցումին, հակամրցանիշ հաստատեց  սպանական ակումբին մէջ: Ասիկա  31-ամեայ ֆութպոլիստին 255-րդ առանց կոլի խաղն էր Պարսելոնայի կազմին մէջ: Այդ ցուցանիշով Մաչերանօ գերազանցեց հոլանտացի յետսապահ Միքայէլ Ռայցիկերը, որ Պարսելոնայի մաս կազմած էր 1997-2004 թուականներուն եւ կոլ չէր նշանակած 254 մրցումներու մէջ: Մաչերանօ 2007-ին անգլիական Լիվըրփուլէն փոխանցուած է Պարսելոնա:

ՀՄԸՄ Պաշտօնապէս Ներկայացուց 2015-2016 Տարեշրջանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մասնակցող Իր Խումբը

ՀՄԸՄ Պաշտօնապէս Ներկայացուց 2015-2016 Տարեշրջանի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մասնակցող Իր Խումբը

PROFOTO   «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ՀՄԸՄ պաշտօնապէս ներկայացուց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին մասնակցող իր խումբը: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին մեծ թիւով ներկաներ: Կի Մանուկեան (ձախին) եւ Ուալիտ Նասսար PROFOTO Ներկայ էր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբին ատենապետ Կի Մանուկեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, քաղաքապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Դասաւորման Պատկերը` 8-րդ Հանգրուանէն Ետք. Թատամոն Սուր` Ցարդ Անպարտելի

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շաբաթ, 2 Յունուարին` ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, զտումի Ա. հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շեպիպեթ Մազրաայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 13:30-ին: Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, բաժակի մրցաշարքերը տեղի կ՛ունենան նաք-աութի դրութեամբ, այսինքն` պարտուող խումբը դուրս կը մնայ մրցաշարքէն: Հետեւաբար, ասիկա նկատի առնելով ՀՄԸՄ իր ամէն...

Հենրիխ Մխիթարեան Անակնկալ Այցելութիւն Մը Տուաւ «Զատիկ» Կեդրոն

Հենրիխ Մխիթարեան Անակնկալ Այցելութիւն Մը Տուաւ «Զատիկ» Կեդրոն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ «Զատիկ» երեխաներու աջակցութեան կեդրոն: Անոր այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց երեխաներուն մօտ, որոնք բոլորն ալ կը ճանչնան եւ կը սիրեն Մխիթարեանը` դիտելով անոր կատարած մրցումները: Մխիթարեան իր ժամանակը երեխաներուն տրամադրելով անոնց հետ փինկ փոնկի մրցումներու մասնակցեցաւ, ինչպէս նաեւ յիշատակի լուսանկարներ նկարուեցաւ գրեթէ անոնց բոլորին հետ (առանձին եւ խմբային): Անոնց ուղղած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն – Մութթահետ Բացման Մրցումով Կը Սկսի Տղոց 2015-2016 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը կը սկսի շաբաթ, 2 յունուար 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, երբ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի կ՛ունենայ Թատամոն - Մութթահետ մրցումը: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը իր մրցումը կը կատարէ երկուշաբթի, 4 յունուարին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Տիք Մըհտիի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլի: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 2 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ...

Նէյմարի Աշխատավարձը Կրնայ Բարձրանալ 30 Միլիոն Եւրոյի

«Մարքա» կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի պատասխանատուները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու գծով: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, այժմ գլխաւոր հարցը կապուած է Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետին աշխատավարձին հետ: Ներկայ դրութեամբ ան տարեկան կը ստանայ 10.5 միլիոն եւրօ: Եթէ անոր հետ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրուի, այդ գումարը պիտի եռապատկուի եւ հասնի 30 միլիոն եւրոյի: Նշենք, որ...

Եուվենթուս Կը Մերժէ Նափոլիի Մէկ Առաջարկը

«Սքայ Սփորթ Իթալիա»-ի համաձայն, Նափոլի մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Եուվենթուսի յետսապահ Տանիելէ Ռուկանին: Անոր փոխանցման համար թէեւ Նափոլի առաջարկեց 25 միլիոն եւրօ, սակայն Եուվէ մերժեց այդ առաջարկը: Կ՛ակնկալուի, որ այժմ Նափոլի նոր առաջարկով մը ներկայանայ Եուվենթուսին: Նախորդ տարեշրջանին Ռուկանի, որ մաս կը կազմէր Էմփոլիի, առանց փոխարինման մասնակցեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներուն` ոչ մէկ դեղին քարտ ստանալով:...

Սթալոն Աճուրդի Մը Ընթացքին Ծախեց Սեննայէն Նուէր Ստացած Գլխարկը

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Սփիտուիք» կը յայտնէ, որ ամերիկացի հանրածանօթ դերասան Սիլվեսթըր Սթալլոն Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին ծախած է արկածի հետեւանքով մահացած «Ֆորմիւլա-1»-ի անուանի վարորդ Այրթոն Սեննայէն նուէր ստացած գլխարկը: 1994-ին Պրազիլի կրան փրիէն ետք Սեննա այդ գլխարկը անձամբ տուած էր Սթալլոնի: Նշենք, որ այդ գլխարկը գնած է 69 տարեկան ամերիկացի մը` անոր համար վճարելով...

Փելլեկրինի Յառաջիկայ Ամրան Պիտի Դառնայ Չելսիի Մարզիչ

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի այս տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք պիտի դառնայ Չելսիի մարզիչ, այս մասին կը յայտնէ «Մարքա» պարբերաթերթը: Չիլիցի Փելլեկրինի պիտի փոխարինէ Կուս Հիտինքը, որ մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյին պաշտօնազրկումէն ետք մինչեւ 2016-ի ամառ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ: Նախքան այս լուրին հրապարակուիլը այն կարծիքը կար, որ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը ըլլայ Եոսիփ Կուարտիոլա, որ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք...

Վոլիպոլ.  2015-2016 Տարեշրջանը Կը Սկսի Երեքշաբթի, 5 Յունուարին

Վոլիպոլ. 2015-2016 Տարեշրջանը Կը Սկսի Երեքշաբթի, 5 Յունուարին

Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց յայտագիրը Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի երթի մրցումներուն, որոնք կը սկսին երեքշաբթի, 5 յունուարին: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր: Ինչպէս նախորդ տարեշրջաններուն, այս տարի ալ մրցումները տեղի պիտի ունենան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ: Մանաւանդ իրարու դէմ պիտի պայքարին զօրաւոր խումբերէն Անուար Ժըտէյտէ, Շեպիպեթ Պաուշրիէ եւ Զահրա Մինա: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն...

Page 1149 of 1276 1 … 1,148 1,149 1,150 … 1,276

Արխիւներ