ՖԻՏԷ-ի հրապարակած 2016-ի առաջին դասաւորման մէջ, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, շարունակելով իր յառաջխաղացքը, բարձրացաւ 4-րդ դիրք` ունենալով վարկանշային 2792 կէտ: Ան դեկտեմբերին կը գրաւէր 6-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2844):
Անոր ետին կը գտնուի ռուս Վլատիմիր Քրամնիք (2801), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ հոլանտացի Անիշ Կիրի (2798):
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 41-րդ դիրքը (2702), իսկ Սերկէյ Մովսիսեան` 97-րդ դիրքը (2655):
Առաջին հարիւրեակ վերադարձաւ Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Վլատիմիր Յակոբեան, որ 95-րդ դիրքին վրայ է (2656):