«Լա Լիկա». Պարսելոնա 6 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին. Մեսսի Անցաւ 300 Կոլի Սահմանը
Անցեալ տարուան դեկտեմբերին աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցած ըլլալուն պատճառով, Պարսելոնա «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի իր մրցումը չկատարեց Սփորթինկ Խիխոնի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ: Յետաձգուած այս մրցումը, որ նախանցեալ օր կատարուեցաւ, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով, ինչ որ յաղթական կազմին ունեցած կէտերու տարբերութիւնը` 2-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, բարձրացուց երեքի: Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 14 հանգրուան: Նախքան մրցումը, Պարսելոնայի արժանթինցի...



