
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ Պիպլոսի յաղթանակով` 78-74 արդիւնքով (25-23, 44-44, 56-57 եւ 74-78):
Պիպլոսէն Ուիլիըմ Պըրթ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Լուէյզիէն 22 կէտ նշանակեց Կերոն Ճոնսըն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Պիպլոս (յաջորդական չորրորդը) բարձրացաւ 4-րդ դիրք, մինչ Լուէյզի, որ կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը, կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ դարձի 2-րդ հանգրուանը կը սկսի շաբաթ, 20 փետրուարին: