Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար իր ակումբին հետ համաձայնութեան եկած է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու գծով:
Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, կողմերը վերջապէս համաձայնութեան եկան իրարու հետ եւ կը նախատեսուի, որ քանի մը ամիս ետք Նէյմար նոր համաձայնագիր մը ստորագրէ:
Կը նշուի, որ քաթալոնական ակումբը զգալիօրէն բարելաւած է նախորդ առաջարկը, որովհետեւ նոր պայմանագիրով 24 տարեկան ֆութպոլիստը Լիոնել Մեսսիէն ետք պիտի դառնայ խումբին երկրորդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Ներկայիս Նէյմար Պարսելոնայի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ 7-րդն է: