Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ խրուաթ փորձառու մասնագէտ Տրաժեն Պրայքովիչ նշանակուեցաւ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Անոր գլխաւորութեամբ Հայաստան հանդէս պիտի գայ յուլիսին` Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Պրայքովիչ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ Սլովաքիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Քոսիցէ ակումբը, 25 տարուան մարզիչի փորձառութիւն ունի:
Ան եղած է շարք մը ակումբներու եւ ազգային խումբերու մարզիչ:
54 տարեկան մարզիչին հետ Խրուաթիոյ 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը 2010-ին հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նշենք, որ ան 2004-2005-ին եղած է Վրաստանի ազգային խումբին մարզիչը, միեւնոյն ժամանակ ալ գլխաւորելով Տինամօ Թիֆլիսը:
Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ մաս կազմեց Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մոնթենեկրոն, Մակեդոնիան, Փորթուգալը եւ Վրաստանը:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունաստանի Խալքիտա քաղաքին մէջ` 15-24 յուլիսին: