Հայ յետսապահ Արտեոմ Խաչատուրով կրնայ վերադառնալ մոլտովական ախոյեանութեան, այս մասին կը յայտնէ ArmSport.am` իր լուրը քաղելով SPORTS.md կայքէն:
Ֆութպոլիստը Պելց Զարիայի հրաւէրով ներկայիս կը գտնուի Թուրքիա, ուր այդ կազմը հաւաք մը կը կատարէ:
Նշենք, որ Արարատ Երեւանի հետ իր պայմանագրութիւնը ստորագրելէ երկու շաբաթ ետք, Խաչատուրով խզեց այդ համաձայնագիրը:
Նախապէս Խաչատուրով ելոյթ ունեցած էր Շերիֆի, Թիրասփոլի, Զիմպրուի (բոլորն ալ Մոլտովա) եւ Քիզիլ Ժարիի (Ղազախստան) հետ: