Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ պատանեկան ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Լիլըհեմըրի մէջ (Նորվեկիա), Հայաստանի ներկայացուցիչ, գեղասահորդ Անասթասիա Գալուստեան գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Գեղասահքի ազատ մրցումներուն, Գալուստեան մասնակցելով 8 թիւին տակ, ապահովեց 77,32 կէտ: Երկու տեսակի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ան ապահովելով 133,21 կէտ, գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Ախոյեան հանդիսացաւ Փոլինա Սլուցքայա (Ռուսիա), որ ապահովեց 188,04 կէտ:
Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան, չկրցաւ յաղթահարել սփրինթի զտումի հանգրուանը:
Տղոց 1400 մեթր արագ վազքի մրցումներուն կը մասնակցէին 48 դահուկորդներ:
28 թիւին տակ հանդէս եկող Միքայէլեան արձանագրեց 3′ 16″ արդիւնք մը` առաջին դիրքը գրաւողէն ետ մնալով 20″ ուշացումով:
Ան զտումի մրցումներուն գրաւեց 35-րդ դիրքը:
Նշենք, որ այսօր Միքայէլեան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ: