Գերմանական «Սփորթ Պիլտ»-ի համաձայն, Պայէրն Միւնիխ մտադիր է նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիին:
Հաւանաբար լեհ ֆութպոլիստին առաջարկուի մինչեւ 2021 թուական երկարող պայմանագրութիւն մը ստորագրել: Այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019:
Պարբերաթերթը կ՛աւելցնէ, որ երկու կողմերուն միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է այս ուղղութեամբ:
Նշենք, որ «Պունտըսլիկա»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուն մասնակցած է 29 մրցումի` նշանակելով 21 կոլ: