
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չելսին, 45 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Զլաթան Իպրահիմովիչ (39-րդ) եւ Էտինսոն Քաւանի (78-րդ) նշանակեցին փարիզցիներուն կոլերը, մինչ Չելսիի կոլը նշանակեց Ճոն Օպի Միքել (45-րդ):
Իր դաշտին վրայ երէկ յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պենֆիքա, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Ժոնաս նշանակեց Պենֆիքայի կոլը: Նախքան այս կոլին նշանակուիլը, հիւր խումբին մարզիկներէն Տոմենիքօ Քրիսիթօ կարմիր քարտ մը ստացաւ, աւելի քան 48 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այսօր, ժամը 21:45-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին, Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, իսկ Կենթ` Վոլֆսպուրկը: