Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Տոհա մեկնեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ աթլեթիզմի 7-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ փակ դաշտերու մէջ` 19-21 փետրուարին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.
Ուասիմ Հաուլի (պատուիրակութեան նախագահ), Ռամզի Նայիմ, Ալի Հազեր, Նուրէտտին Հատիտ, Ազիզա Սպէյթի, Մահա Մուալլեմ եւ Քրիսթել Սանեհ:
Նշենք, որ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռոլան Սաատէ, արդէն իսկ շաբաթասկիզբէն ի վեր կը գտնուի Տոհայի մէջ, ուր կը կատարէ յատուկ հանդիպումներ` արաբական եւ ասիական երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: